Հաւաքական աշխատանքով – Եկէք 2 կաթնատու կով նուիրենք սահմանամերձ Արտանիշ գիւղին մէջ ապրող բազմանդամ Ղուկասեան ընտանիքին

2015 թուականէն սկսեալ մի քանի ընկերներով ու ազգականներով կ’աջակցինք Ղուկասեան ընտանիքին, այն ըլլայ Հայաստանէն թէ սփիւռքէն, օրինակ ուտեստեղէնով աջակցութիւն, նորածին երեխաներուն համար պիտոյք, առօրեայ ապրելու ծախսեր, պտղատու ծառեր ցանել եւայլն: Մասնաւոր շնորհակալութիւն Տոկթոր Վարդքէս Արզումանեանին, Վիքի Հերկէլեանին, եւ բոլոր մնացած բարեկամ ընկերներուն այս ծրագրին մասնակցելու համար:

Այսօր ունինք ուրիշ կարեւոր ծրագիր մը՝ ինքնաբաւ դարձնելու համար Ղուկասեան ընտանիքին: Ծրագիրը 2 կաթնատու կով ու ախոր մը նուիրելէ այս ընտանիքին որպէսզի իրենք կարենան հոգալ իրենց առօրեայ ծախսերը, եւ նաեւ ինչու չէ, ապագային հիմնեն ընտանեկան առեւտուրը եւ ըլլան այդպիսով ինքնաբաւ:

Շրջանին մէջ, 2 կաթնատու կով ու ախոր/սենեակ մը կ’արժէ մօտաւոր 3000$.

Հետեւաբար, մեր բոլոր բարեկամներէն ու ընկերներէն կը խնդենք ձեր կարէլիութեան սահմաններուն մէջ մասնակցութիւն բերեն այս ծրագիրին:

Անշուշտ ու ինչպէս միշտ, երբ ամբողջ գումարը հաւաքուի, տեսաերիզով մը պիտի ներկայացնենք ամբողջ աշխատանքը:

Ընտանիքին մասին տեղեկանալու համար դիտել այս տեսաերիզը:

https://youtu.be/fOXFwvKfyqc

Նուիրելու համար սեղմեցէք այստեղ՝

Յաւալեալ տեղեկութիւններու համար դիմել՝ Հարմանտայեան Արմենակ – E-mail- harmandayan.armenag@hotmail.fr

Հեռախօս – 00 33 6 12 56 50 85

ՅՈՅՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Lousavor Aavedis