Հայաստան Պետութեան (Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան) Նախագահ, Նոբելեան մրցանակի յաւակնորդ, ակադեմիկոս` Մարտիկ Գասպարեանի Նոր՝ 2026 տարվա շնորհաւորական ՈւՂԵՐՁԸ
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Դժուար եւ առաւելաբար անյաջող տարիէ հրաժեշտ կու տանք, զայն յանձն տալով Պատմութեան խորխորատաներուն։ Մեծ շրջադարձի ժամանակը մօտեցեալ է․ Դէպի բարին եւ բարօրութիւնը, դէպի վերելք եւ բարեկեցութիւն Համայն Հայոց ազգին եւ անոր իւրաքանչիւր զաւակին։
Հայաստանի եւ երկրագնդի բոլոր հորիզոններն անհայրենիք հայու ոտքով անցած հեռաւոր հայրենակիցք, սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ Նոր տարուան, Կաղանդի եւ Ամանորի գալստեան առիթով, քանզի ժողովուրդ ենք, բայց տակաւին ժողովուած չենք։ Կշնորհաւորեմ նաեւ գերեւարուած, անօրէն անազատութեան մէջ պահուող, կալանաւորուած, տուժած, բանտարկուած եւ կտտանքի ենթարկուած մեր բոլոր հայրենակիցները, ինչպէս եւ հայոց աշխարհի պաշտպանութեան համար իրենց առողջութիւնը կորուսած բազմաթիւք, եւ անոնց հետ՝ հազարաւոր նահատակներու ընտանիքներուն անդամներն ու մերձաւորները։
Գալիք Նոր տարին եւ օրհնութեան օրուան շնորհաւորանքը սովորական ըլլալ չեն կրնար… Նախախնամութեան հրամանաւ ան բացառիկ խորհուրդ կը կրէ… Համայն Հայոց Զանգակատան ղօղանջները, Հայոց աստուածներու սթափեցուցիչ ապտակը եւ ժամանակի անխուսափելի հրամայականը անդադրում կաւետեն Հայոց Նոր դարաշրջանի յայտնութեան Աւետիսը…
Այս տօնը, հայոց Ամանորի խորհուրդը կրելով, մեր եկեղեցիներուն մէջ Սուրբ Ծննդեան զանգերու ղօղանջներուն ներքոյ, Կաղանդին Ձմեռ պապու եւ Կենաց ծառին ներկայութեամբ, մոգական ուրախութեան մթնոլորտ կը բերէ մեզի, տարբեր սերունդներ միաւորելով ընտանեկան ջերմ շրջանակին մէջ։
Ամէն Նոր տարին կը դիմաւորենք առանձնայատուկ յոյսով, լաւագոյնին հանդէպ հաւատքով եւ երախտագիտութեամբ՝ վասն անցնող տարուան երջանիկ պահերուն եւ արժէքաւոր դասերուն ։ Հետադարձ հայեացքով կը գիտակցինք, թէ կեանքի իւրաքանչիւր մեծ փոփոխութիւն սկիզբ կ՚առնէ առաջին քայլէն, անձնական վճիռէն, փոխուելու եւ նոր հորիզոններ բացայայտելու պատրաստակամութենէն։
Շնորհաւոր Նոր Տարի, բարեկամք.
Խաղաղութիւն, սէր եւ բարութիւն…
Քաջառողջութիւն՝ իւրաքանչիւր ընտանիքի…
Ջերմութիւն՝ օճախներուն…
Հայոց աշխարհին՝ արժանապատիւ եւ պատուախնդիր ապագայի տեսիլք…
Հայոց բանակին՝ տոկունութիւն եւ զօրութիւն…