Շեյխ Իմրան Հուսեյնը կոչ է արել իսլամական աշխարհին Ադրբեջանի հետ պատերազմում աջակցել Հայաստանին

Իսլամական գիտնական, փիլիսոփայ շէյխ Իմրան Հիւսէյն` անդրադառնալով Արցախի վրայ կատարուող հակահայ յարձակումներուն, կոչ ուղղեց իսլամական աշխարհին` զօրակցելու «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմի ճիշդ կողմին` հայերո՛ւն»: «Հարկ է որոշել` ո՛վ է ճնշողը եւ ո՛վ է ճնշուողը այս պատերազմին մէջ», ընդգծեց շէյխ Հիւսէյն: Ան կոչ ուղղեց` պատժելու աթէիստ Ալիեւը, անոր գլխաւորած կառավարութիւնը անաստուած որակելով:

Իր կոչին մէջ իսլամ գիտնականը կը նշէ, որ հայերը շատ տառապած են, եւ թէ ինք ներկայիս կը կարդայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրք մը:

Aztag Daily.com