Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց լրագրողներու համահայկական ֆորումը համակարգող խորհուրդը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց լրագրողներու համահայկական ֆորումը համակարգող խորհուրդը, որուն մաս կը կազմէին, Սաթիկ Սէյրանեան («168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան նախագահ), Տիգրան Յարութիւնեան («Նոյան Տապան» լրատու գործակալութեան հիմնադիր եւ տնօրէն, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ), Միքայէլ Հաճեան (Լրագրող, հրապարակախօս, հրապարակագիր, քաղաքական վերլուծաբան), Արամ Անանեան («Արմենփրես» լրատու գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն եւ խմբագիր), Շահան Գանտահարեան (գլխաւոր խմբագիր «Ազդակ» օրաթերթի) եւ Սեւակ Յակոբեան (գլխաւոր խմբագիր «Զարթօնք» օրաթերթի):

Յայտնենք, որ անցեալ տարի Նորին Սրբութեան նախաձեռնութեամբ ու նախագահութեամբ հայ մամուլի համահայկական համագումար մը տեղի ունեցած էր Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, եւ վերոնշեալ խորհուրդը նշանակուած էր, որպէսզի աւելի յստակացնէ համագումարէն բխած առաջարկները՝ զանոնք իրականացնելու հեռանկարով: Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպումը առիթ մը եղաւ արծարծելու հայ մամուլի դերակատարութեան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, ազգային պահանջատիրութեան եւ ընդհանրապէս համահայկական բնոյթ ունեցող հարցեր, որոնց նկատմամբ Նորին Սրբութիւնը իր տեսակէտները պարզեց ներկաներուն:

Յայտնենք նաեւ, որ Խորհուրդը իր առաջին լիակատար նիստը պիտի ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին:

Armenian Orthodox Church