ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ. Սուրիա Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնն Ու Արեւմտեան Հայաստանը

Լռութեան 105 երկա՜ր տարիներէ ետք, Հայոց ցեղասպանութեան առաջին ականատես երկիրը, որուն հողն ու անապատի աւազը պարուրուած են իրենց իսկ վրայ վերջին շունչ փչած սրբադաս նահատակներու  աճիւններով, որուն քարայրներուն մէջ ողջակիզուեցան հազարներ, որուն երկինքի աղօտ աստղերը  դարձան  անոնց  անշիրիմ  ու յօշոտուած դիակներու վերեւ վառող  աստուածատուր անմար մոմերը,  ճանչցաւ եւ դատապարտեց 20-րդ  դարու սկիզբը  Օսմանեան կայսրութեան ծրագրած ու գործադրած Հայոց ցեղասպանութիւնը` հաստատելով, որ այդ Ցեղասպանութեան ջարդերու մեծ մասը տեղի ունեցաւ սուրիական հողերու վրայ:

Ամէնէն ծանրակշիռ հաստատումը այն էր, որ այդ Ցեղասպանութիւնը` հայ ժողովուրդի բնաջնջումը, գործադրուեցաւ «Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին վրայ 1915-1923-ի միջեւ»: Հետեւաբար կարելի է դիտել տալ, որ Սուրիա այսօրուան, այսպէս կոչուած, Թուրքիոյ բռնազաւթած հայկական պատմական հողերը կը ճանչնայ որպէս Արեւմտեան Հայաստանի պատմական ու միայն հայկական բռնագրաւուած հողեր:

Սուրիոյ խորհրդարանը  միաձայնութեամբ  դատապարտեց  Ցեղասպանութեան ուրացման եւ պատմութեան նենգափոխման իւրաքանչիւր փորձ եւ հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ի գործ դրուած ամէնէն դաժան ոճիրն է:

Երեսփոխանները յոտնկայս եւ բուռն ծափողջոյններով ողջունեցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Փշաքաղուեցայ, երբ կարդացի լուրը, պահ մը մտածեցի` արդեօք  մարդկային արդարութեան  հաշուոյն հայոց նահատակներու հաշուոյն նուաստացուցիչ չէ՞ր սպասել 105 տարիներ… Սակայն թող ըլլայ ուշ, քան` երբե՛ք:

Անկասկած, որ թրքական ներխուժումը Սուրիա, արիւնահոս  «Խաղաղութեան աղբիւր»-ը, սուրիական անկախութեան եւ ազատութեան թրքական ոտնահարումը  մեծ դեր խաղացին այս բանաձեւը ընդունելու որոշման հունաւորման աշխատանքին մէջ:

Այնուամենայնիւ, այս պատմական քայլերը դրուատելը կարեւոր է, սակայն հարկաւոր է նաեւ ահազանգել, թէ զանոնք պէտք է նկատել մարդկային նուազագոյն պարտականութիւն  եւ  պարտաւորութի՛ւն, իսկ չէզոք ու անաչառ կեցուածք որդեգրելը` մարդկային իրաւանց ու արդարութեան պատմութեան հաշուոյն ոճիրի համազօր  պատմական անվիճելի իրականութեան  ժխտման, խեղաթիւրման եւ այլայլման թրքական արշաւի մեղսակցութիւն:

Հարկաւոր է նաեւ յիշել ու յիշեցնել, որ Լիբանանը արաբական աշխարհի երկիրներէն առաջինը ու միակն էր, որ մէկդի դնելով քաղաքական շահ ու կրօն` ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ահա անոր կը յաջորդէ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը:

Վարձքը կատա՛ր Սուրիոյ խորհրդարանի  անդամ դոկտ. Նորա Արիսեանի նախագահութեամբ Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խորհրդարանական յանձնաժողովին, որուն տարիներու ջանքերու արգասիքն է ասիկա:

Քաղաքական շահերու ետեւ պահուըտիլը ժամանակաւոր է, քանզի քաղաքականութիւնը ինքնին ժամանակաւոր է, իսկ ճշմարտութիւնը` յաւիտենական:

Aztag Daily

Lousavor Aavedis